Սիրելի Ուսուցիչներ, Ծնողներ եւ Բարեկամներ,
Երեսուն չորս հրաշալի տարիներ անխոնջ ծառայելէ ետք իբրեւ Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանի Տնօրէն, ձեզի կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ կը պատրաստուիմ հանգստեան կոչուելու: Անշուշտ այս որոշումը դիւրին չէր, նկատի առնելով իմ աննկուն նուիրումս այս դպրոցին եւ հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ: Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանի տնօրէնութիւնը վարելը պաշտօն մը չէր այլ առաքելութիւն մը, որ ժառանգած եմ, Շանթէն, Աղբալեանէն, մտաւորական հօրմէս եւ ուսուցիչներէս: Անցնող տարիները, հակառակ բորոր դժուարութիւններուն, կեանքիս ամէնէն իմաստալից եւ գոհունակութիւն պատճառող տարիներն էին:
Բախտաւոր եղած եմ շրջապատուած ըլլալով աննման պաշտօանկիցներով, որոնց հետ զօրաւոր կապեր հաստատած եմ: Մեծագոյն հաճոյքներէս մէկն եղած է հետեւիլ տարիներու ընթացքին մեր աշակերտներուն յառաջդիմութեանց եւ յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ ազգային ոգիի զարգացման: Առաւել ուրախութիւն էր տեսնել մեր շրջանաւարտներուն գործունեայ դերը հայ կեանքէն ներս, ըլլայ հոս կամ Հայրենիքի մէջ:
Սիրով գործակցած եմ իրերայաջորդ խնամակալութիւններուն, յանձնախումբերուն, նուիրեալ ուսուցիչներուն, վարչական կազմի անդամներուն, եւ դպրոցին նուիրեալ կամաւորներուն հետ ստեղծելու համար դրական միջավայր եւ բարձրորակ երկլեզու ուսում մեր աշակերտներուն համար:
Նպատակս է օգնել Դպրոցի Խնամակալութեան իր փնտռտուքին մէջ, եւ դիւրացնել պաշտօնի փոխանցումը նոր տնօրէնին: Այս առիթով յանձնախումբ մը կազմուելու վրայ է գլխաւորութեամբ, Խնամակալութեան ատենապետ՝ Մայքըլ Կիւզէլեանին: Պաշտօնս պիտի շարունակեմ մինչեւ,զիս փոխարինողը գտնուի: Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը լոյսի եւ յոյսի փարոս մըն է: Իմ փափաքս է, որ մեր համայնքի բոլոր անդամները երկար տարիներ շարունակ գուրգուրան եւ նպաստեն անոր յառաջդիմութեան:
Շնորհակալութիւն՝
Տնօրէնուհի՝
Հուրի Պոյամեան